|
||||
| Միջազգային Հրանդ Տինք Մրցանակը (ՄՀՏՄ) կը սպասէ ձեր թեկնածութեան առաջարկներուն |
|
Միջազգային Հրանդ Տինք Մրցանակը, 15 Սեպտեմբեր 2011-ին՝ երորդ անգամ ըլլալով պիտի գտնէ իր տէրերը: Մրցանակը պիտի բաշխուի՝ խտրականութենէ, ցեղապաշտութենէ, բռնութենէ զերծ, աւելի ազատ ու արդար աշխարհի մը ձգտող, այս իտէալին առումով անհատական վտանգներ ստանձնող, կանխակարծիքները խորտակող, խաղաղութեան լեզուով արտայայտուող եւ այս բոլորը իրագործելու միջոցին մարդկութիւնը այս պայքարը շարունակելու ուղիին մէջ ոգեւորող եւ յոյս տուող անհատ, հիմնարկ եւ կամ հաստատութիւններուն: Հրանդ Տինք Հիմնարկին այս մրցանակը տալու նպատակն է յիշեցնել բոլոր անոնց որ այս ուղղութեամբ ջանք կը թափեն, թէ՝ ձայներնին լսելի է, թէ՝ ըրածները տեսանելի է, թէ՝ մինակ չեն ու անոնց բարոյապէս նեցուկ կանգնիլ եւ համայն մարդկութիւնը քաջալերել իրենց իտէալներուն համար մղած պայքարին մէջ: Ինչպէ՞ս կրնամ թեկնածու առաջարկել Հարցաթերթիկին կցելով ձեր առաջարկած թեկնածուի մասին լրացուցիչ տեղեկութիւնները, մեծապէս դիւրացուցած պիտի ըլլաք միջազգային դատակազմի որոշումը:
Set as favorite
Bookmark
Email this
Hits: 512 Comments (0)Subscribe to this comment's feedShow/hide comments Write comment
|
|||
| Last Updated ( Friday, 28 January 2011 13:48 ) |


